2014-04-18 10:24:50

Ընտանիքը` Խաչի Լոյսով


RealAudioMP3 Յիսուսի Խաչելութեան լոյսին տակ կարելի է տեսնել ընտանիքին փոխյարաբերութեան յատուկ կոչումը: Ընտանիքը պարզապէս ուրախութեան, երջանկութեան եւ տօնակատարութիւններուն վայրը չէ միայն: Ան նաեւ փորձութեան, յոգնութեան եւ խաչի վայրն է: Ստանձնելով առօրեային յոգնութիւնն ու զոհաբերութիւնները, փոքր ու մեծ հարցերուն արժէքը տալով, ընտանիքի անդամները կ՛ընկալեն փոխյարաբերութեան գեղեցկութիւնը: Այս գեղեցկութենէ մեկնած, որուն կեանք ներշնչողը Սուրբ Հոգին է, ի յայտ կու գայ մեր ինքնութեան ու գոյութեան իմաստը: Եւ այդ կեանքին իմաստ տուող գլխաւոր դերակատարը` ՍԷՐն է: Փոխյարաբերութեան այս գեղեցկութենէն կարելի է նաեւ ընկալել եւ հասկնալ Թէ ինչպէս Աստուածայինը կը հանդիպի մարդկայինին հետ Խաչի վրայ, մինչեւ որ բացայայտուի Քրիստոսի իսկական դէմքը մարդուն մէջ եւ մարդիկը իրար մէջ Տէրը տեսնեն:
Այսօր բոլոր յարաբերութիւնները կարծես թոյլ են, անցողակի. ընտանիքին հիմերը ուժեղ չեն: Կը թուի թէ դժուար է գտնել տեւական սէր: Հարցը ոչ թէ մարդիկ իսկական արժէքը չեն տար սիրոյ, կամ ալ զայն չեն գնահատեր, սէրը բոլորին հետաքրքրութիւնն է, որովհետեւ ան կը կազմէ էական տարրը մեր կեանքին: Դժուարութիւնը կը կայանայ սակայն, այս կէտին մէջ թէ մարդիկ չեն հաւատար սիրոյ յարատեւութեան, որ կրնայ ծառայել որպէս կեանքի հիմք: Կարծես հաւատքը կորսուած է սիրոյ նկատմամբ, ինչպէս մարդ մը իր յոյսը եւ հաւատքը կը կորսնցնէ երբ կ՛ուզէ կախուած կամուրջի մը վրայ անցնիլ, քանի որ ան կը կարծէ որ սոյն կամուրջը չի կրնար անոր կշիրքը տանիլ:
Ընտանիքը այսօր, դժբախտաբար ընկերութեան մը կեդրոնը չէ այլեւս: Աշխատանքային ժամերը մեծապէս կը հակասեն ընտանիքի պահերուն ու հաւաքոյթներուն: Անհատականութիւնը ներթափանցած է մեր մտածելակերպին եւ դժուար է տեսնել կարեւորութիւնը յարաբերութիւններուն: Մեր կեանքին նորաձեւ դարձած է «ԵՍ»ը Ipod , iMac, Iphone , Ipad ... բայց դժուար է գտնել «Մենք» դերանունը, քանի որ ընկերային հաղորդակցութեան միջոցները մեծապէս կը նպաստան եսասիրութիւնը եւ անհատականութիւնը պանծացնելու, իշխել տալու, ինչպէս յաճախ կը շէշտէր Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը: Հետեւաբար, փոխյարաբերութիւնները յոյժ կարեւոր են, որովհետեւ ուժը կը կայանայ միասնականութեան մէջ: Եւ որպէսզի զորաւոր ըլլանք, պէտք է միասնականութեան կապեր ստեղծել, եւ որպէսզի միասնականութեան կապերը ստեղծուին, իւրաքանչիւր մարդ պարտի հրաժիլ իր սեփական աշխարէն, դուրս գայ իր կեանքի բանտէն, եւ բացուի ուրիշներուն վրայ, որովհետեւ բացուածութիւնը տկարութեան ու թուլութեան նշան չէ: Բացուածութիւնը ուրիշին` մեր հորիզոնները եւ տեսլականը աւելի կ՛ընդլայնէ, հնարաւորութիւն կը ստեղծէ աւելի զորաւոր ու կայուն ըլլալու կեանքին մէջ:
Ընտանեկան դաստիարակութեան յաջողութիւնն ապահովող առաջին պայմաններէն է ուրեմն համերաշխ ընտանիքի ներդաշնակութիւնն է: Ընտանիքի մէջ լաւ փոխյարաբերութիւններու, առողջ մթնոլորտի ներդաշնակութեան դեպքին մէջ կ՛աճին հանգիստ, հավասարակշռուած, եռանդուն ու կենսուրախ մարդիկ:







All the contents on this site are copyrighted ©.